2015-12-13 10:28:00

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն` Ե. Կիրակի Յիսնակաց


Մարդ արարածը կը մերժէ իր անձին դէմ գործուած անարդարութիւնը, չարութիւնը։ Ասոր վրայ հիմնուած էր նաեւ Հին Կտակարանի օրէնքը՝ «Եւ զոր դու ատես՝ ումեք մի՛ առնիցես։ Այն ինչ որ դուն կատես՝ ուրիշին մի ըներ։» (Տովբ Դ. 15) Յիսուս կը կատարելագործէ այս օրէնքը ըսելով՝ «Զամենայն զոր միանգամ կամիջիք՝ թէ արասցեն ձեզ մարդիկ՝ այնպէս եւ դուք արարէք նոցա. զի ա՛յս իսկ են օրէնքն եւ մարգարէք։ Այն ամէն բան, որ դուք ընդհանրապէս կʼուզէք՝ որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք նոյնը ըրէք անոնց. որովհետեւ ասոր մէջ կը կայանան օրէնքն ու մարգարէները ։» (Մտթ Է. 12)

Ոչ թէ միայն չարը պէտք չէ գործել, այլ մանաւանդ բարին պէտք է կատարել։ Չարը պէտք չէ գործել. առաւել եւս՝ պէտք չէ ուրիշը չարի եւ մեղքի առաջնորդել, պէտք չէ գայթակղութեան պատճառ դառնալ։ Յիսուս շատ խիստ կերպով կը դատապարտէ գայթակղութիւն պատճառող անհատը։ Զարմանալի կը թուին մեզի Յիսուսի խօսքերը՝ «Լաւ էր նմա՝ թէ վէմ երկանաքար կախէր զպարանոցէ նորա, եւ անկանէր ի ծով։ Լաւ պիտի ըլլար գայթակղութիւն պատճառողին վզէն երկանաքար մը կախել եւ ծով ձգել։» (Ղուկ ԺԷ. 2) Յիսուսի բեռնէն ելած այս խիստ խօսքերէն կը հետեւցնենք՝ թէ որքան ծանր մեղք է՝ փոքրիկներու գայթակղութիւն պատճառելը։ Այստեղ «փոքրեր» ըսելով կը հասկնանք նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան եւ կը հետեւին Քրիստոսի, որոնց վրայ որեւէ կերպով ազդեցութիւն ունի մեր խօսքը եւ օրինակը։ Գայթակղութիւն կը պատճառենք գէշ օրինակ հանդիսանալով եւ կամ՝ ուղղակի չարը սորվեցնելով։ Գէշ օրինակը կը սկսի առօրեայ պարզ բաներէ։ Կը հայհոյենք, նոյնիսկ Աստուծոյ եւ կրօնքին ուղղուած. կը բամբասենք. կը ծաղրենք կրօնքը. կը խափենք, կը ստենք, անարդար արարքներ կը գործենք, կը հեռանանք եկեղեցիէն՝ կրօնքը ծիծաղելի դարձնելով։ Յատկապէս երեխաներու առջեւ գործուած այս մեղքերը կը քանդեն երեխայի հոգիին մէջ ամօթխածութիւնը, պատկառանքն ու յարգանքի զգացումը, կը խորտակեն անմեղութիւնը, կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ կʼառաջնորդեն զանոնք մեղքի։ Արդ, ըստ Յիսուսի խօսքին, Աստուած մեզ պատասխանատու պիտի բռնէ այդ չար արարքներուն համար, չար օրինակին համար։ Յիսուս առաւել եւս կը յորդորէ, որ մենք խրատենք մեղաւորը եւ յանդիմանենք. եւ եթէ ապաշխարէ ներենք։ Չափահասներ մասնաւոր պատասխանատուութիւն ունին երեխաներու հոգիներուն համար։ Պէտք է խրատենք եւ բարի օրինակ ըլլանք։ Մեր կեանքին մէջ մեզի բազմիցս կը ներկայանան այնպիսի պարագաներ, ուր իբր քրիստոնեայ պարտականութիւնն ունինք ուրիշը խրատելու, ուղիղ ճամբան ցոյց տալու եւ զղջացողին ներելու։

Առաքեալները Յիսուսի խնդրանք մը կը ներկայացնեն՝ «աւելցուր մեր հաւատքը»։ Կարծէք ըսել կʼուզէին՝ «դժուար է ներելը, դժուար է մեղանչողը խրատելը. ասոր համար զօրաւոր հաւատք պէտք է մեզի։» Պիտի ակնկալէինք, որ Յիսուս անմիջապէս կատարէր այդ խնդրանքը։ Մինչ Յիսուս նկատել կու տայ՝ թէ հաւատքի շնորհքը մեզի տրուած է արդէն. մինչ մենք անպիտան ծառաներ ենք։ Այսինքն՝ ամէն բարիք Աստուծմէ կու գայ. մեզի կը մնայ համապատասխանել շնորհքին, հնազանդիլ Աստուծոյ, ծառայել Անոր կամքին։ Աստուածաշունչի մեկնիչները այստեղ կը նկատեն՝ թէ առաքեալներուն կը տրուի ծառայութեան պարտականութիւն։ Յիսուս, անձամբ ծառայելու այս օրինակը կու տայ վերջին ընթրիքի ժամանակ՝ լուալով առաքեալներուն ոտքերը։ Հաւատալ՝ կը նշանակէ երախտագէտ հոգիով ընդունիլ, եւ ոչ թէ պահանջել իբր իրաւունք մը։ Բացառիկ կարողութիւններու կարիքը չկայ մեծ հաւատք ունենալու եւ հարշքներ գործելու։ Այդ բոլորը միայն ու միայն Աստուծոյ շնորհքն է։ Բաւ է կատարել այն ինչ որ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ։ Հաւատքի շնորհքը տրուած է մեզի, մենք մեր կարգին պէտք է վստահինք շնորհքին։ Ակնարկ մը նետենք մեր կեանքին վրայ։ Քանի՛ հրաշքներու ականատես եղած ենք մեր կեանքին մէջ. քանի՛ հրաշքներ կատարած ենք մե՛ր ձեռքերով։ Հրաշքը լեռներ կամ ծառեր փոխադրելու մէջ չէ։ Յիսուս մեզ կոչած է եւ ուղարկած՝ իր կամքը կատարելու։ Մենք լոկ ծառաներ ենք. եթէ հաւատարմութեամբ կատարենք Աստուծոյ կամքը՝ լիուլի կատարծ կʼըլլանք մեր պարտականութիւնը՝ հաւատարմութիւն իր խօսքին, իր ուսուցման - պարզ, համեստ, խոնարհ, աննկատ, աղօթող առօրեայ հաւատարմութիւն։

Այսպիսի կեանքի մը լաւագոյն օրինակը՝ Յիսուսի մայրն է, Տիրամայրը, Աստուածածինը։ Երբ կը պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան տօնը կատարելու, խորհրդածենք Աստուածածնի օրինակը։ Ըլլանք այն համեստ ու հնազանդ, հաւատարիմ եւ աղօթող անհատները, որոնց ձեռքով աշխարհի չորս ծագերուն օր ըստ օրէ կը կատարուին հրաշքներ։ Աստուածածինը՝ Աստուծոյ կամքին իր խոնարհ համակերպութեամբ՝ մասնակից դարձաւ մեծագոյն հրաշքին՝ Աստուծոյ մարդեղութեան։ Դիւրին չէ առօրեայ կեանքին մէջ ըլլալ այդ համեստ, հնազանդ եւ խոնարհ քրիստոնեան։ Ձեզ պիտի ծաղրեն, ձեզ պիտի բամբասեն, ձեզ պիտի մեկուսացնեն։ Սակայն այն ինչ որ ձեր հոգիէն ներս է, ձեր սրտէն ներս է՝ զայն երբեք պիտի չկարենան կորզել ձեզմէ։ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ շնորհքը միշտ պիտի ընկերանան ձեզի. ձեզ պիտի պահեն հաստատուն։ Աստուածածնի հովանին ձեր վրայէն երբեք պիտի չհեռանայ։ Վերջին խօսքը Տիրոջ է՝ «Ազնիւ ծառայ՝ բարի եւ հաւատարիմ, մուտ յուրախութիւն տեառն քոյ։» (Մտթ ԻԵ. 21)








All the contents on this site are copyrighted ©.